Երբ անցող Սեպտեմբերին մարդասիրական տագնապը սկիզբ առաւ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր սննդեղէն ապահովելու համար համապատասխան տարողութեամբ նախաձեռնութիւն մը իրականացնել, պատրաստելով եւ տրամադրելով ամէնօրեայ տաք ճաշ եւ 28,000 ուտեստեղէնի սնտուկներ, Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային բնաջնջումի ոճիրին զոհ դարձած արցախահայ բռնի տեղահանեալներուն, որոնք աւելի քան ինը ամիսներ սովի եւ սննդազրկման ենթարկուած էին