Մօնթրէալ/Թորոնթօ – Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Սէմ Սիմոնեան Մայիսի 1-4 այցելեց Միութեան Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերը: Ասիկա երկրորդ հանգրուանն էր աշխարհի տարբեր կողմերուն Հ.Բ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու իր այցելութիւններու շարքին, որոնք սկսած էին 2024-ի Հոկտեմբերին Հարաւային Ամերիկայի շրջանակներուն կատարած իր շրջայցով: Գանատայի մէջ նախագահին եւ իր տիկնոջ Սիլվա Սիմոնեանին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Միութեան Փոխ-Նախագահ Երուանդ Զօրեան, Կեդրոնական Վարչութեան Գանձապահ Նազարէթ Ֆըստըգճեան, Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Լենա Սարգիսեան, Հոգաբարձական Խորհուրդի Անդամ Էլի Աքըլեան, իսկ պաշտօնէութենէն` Ֆինանսական Գխաւոր Տնօրէն Մարք Կիթլըն եւ Կեդրոնական Վարչութեան Գործադիր Տնօրէն եւ Մասնաճիւղերու հետ Յարաբերութեանց Վարիչ Տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեան:
Այց Մոնթրէալ
Մոնթրէալի Ալէքս Մանուկեան Վարժարանէն ներս պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ դպրոցի Տնօրէն Շահէ Թանաշեանի, Փոխ-Տնօրէն Նարէ Վարդանեանի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի Մասնաճիւղի Ատենադպիր Յակոբ Արսլանեանի կողմէ: Շահէ Թանաշեան, որ շրջանաւատ է նոյն դպրոցէն, Ատենապետն է նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի Մասնաճիւղին: Այցելուները շրջեցան դպրոցի տարբեր բաժինները եւ հանդիպեցան աշակերտներուն եւ ուսուցչակազմին հետ:
Համեստ պայմաններու մէջ սկիզբ առած Մոնթրէալի առաջին հայ վարժարանը, որուն 55-ամեակին կը զուգադիպէր այս այցելութիւնը, այսօր ուսումնական ամբողջական ծրագրով եռալեզու կրթական հաստատութիւն մը դարձած է, որ սահուն կերպով կը համադրէ հայեցի կրթութիւնը Քէպէքի պետական կրթական ծրագրին հետ: Աշակերտութեան թիւը ներկայիս կը հաշուէ 465 հայ եւ ոչ-հայ ուսանողներ, որոնք կը յաճախեն մանկամսուրէն (18 ամսու եւ վեր), մինչեւ 9-րդ դասարան:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ դպրոցի եւ մանկամսուրի (Կարտըրի) ղեկավարութիւններուն հետ: Ուրբաթ երեկոյեան Նախագահը եւ իր պատուիրակութեան անդամները վայելեցին դպրոցի աշակերտական ամբողջ կազմին կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ եւ աշխոյժ հանդիսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ սկաուտական կազմը իր նուագախումբով եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գառնի պարախումբը: Հիւրերու շարքին էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ Նախագահ Ալէքս Մանուկեանի քաջալերութեամբ հիմնած էր Վարժարանը 1970-ին:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան անդրադարձաւ իր պատանութեան տարիներուն երբ 55 տարիներ առաջ ինք եւս Լիբանանի մէջ ուսանող էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան Մանուկեան Վարժարանէն ներս: Ան շեշտեց թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի դպրոցները եւ անոնց նուիրեալ ուսուցիչները իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են հայ բազմաթիւ սերունդներու կազմաւորումին վրայ: Իր խօսքը աշակերտութեան ուղղելով ան ըսաւ. «Ձեզի կը մաղթեմ յարատեւութիւն եւ քիչ մըն ալ բարեբախտութիւն, որոնք երկուքն ալ անհրաժեշտ են որպէսզի ապագային դառնաք յաջող ձեռնարկատէրեր, գործարար առաջնորդներ, կամ ինչու չէ օր մը նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Նախագահ: Մեծ երազներ ունեցէք եւ ձգտեցէք լաւագոյնին:»
Նախագահ Սէմ Սիմոնեան այցելեց նաեւ Մոնթրէալի քաղաքապետարան, ուր ան հանիպեցաւ Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի Գործադիր Յանձնաժողովի Նախագահ եւ Ահունցիք Քարթիէվիլ աւանի Քաղաքապետ Էմիլի Թուիյյէի հետ, արձանագրութիւն մը ձգելով քաղաքապետարանի Ոսկեայ Տոմարին մէջ, յայտնի այցելուներու շարքին, որոնք նշանակելի ներդրում կատարած են Մոնթրէալ քաղաքի հանրային կեանքին:
Երրորդ օրը պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կեդրոնէն ներս գործող աշխոյժ եւ խանդավառ յանձնախումբերուն հետ, որոնք միութեան շրջանակը կը հարստացնեն իրենց ընկերային, մշակութային, սկաուտական եւ մարզական յայտագիրներով: Անոնց շարքին էին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի Կանանց Օժանդակ Յանձնախումբը, Ոսկեայ Տարիքի, Մարզական, Սկաուտական, Գառնի Պարախումբի, Երիտասարդ Արհեստավարժներու, Նովա Ամառնային Դպրոցի, Հայորդեայց Շաբաթօրեայ Ծրագրի եւ Ամառնային Ճամբարի յանձնախումբերը: Հայորդեայց Օր շաբաթօրեայ ծրագիրը եւ ամառնային Ճամբարը պատանիներու համար իւրայատուկ հայ կրթութեան ծրագիր մըն է, որ հայեցի հարուստ մթնոլորտի մը մէջ հայ լեզուի եւ պատմութեան դասընթացքներ, նկարչութիւն, համակարգչային ծրագրում եւ պատկերաշարներու ստեղծում, ձեռարուեստ, ճատրակ եւ առօրեայ գործնական գիտելիքներ կը փոխանցէ մասնակիցներուն:
Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Լենա Սարգիսան նշեց՝ «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գանատայի մեր շրջանակները կրթական նորարարական մօտեցումներ որդեգրած են պատանիներու եւ երիտասարդներու կազմաւորումին ուղղութեամբ, անոնց տրամադրելով արտադպրոցական ծրագիրներ, որոնք աւանդական գործելաձեւերէն անդին, առաջնորդական ձիրքեր կը մշակեն տարիքային տարբեր խմբաւորումներու մօտ: Մոնթրէալի պարագային մասնաճիւղը երկրորդ տուն մը դարձած է շրջանակի ընտանիքներուն եւ պատանիներուն համար, մշակոյթով յագեցած շաբաթական ծրագիրներով, որոնք ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ բարեկամական կապերը կը սերտացնեն եւ հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը կը զօրացնեն:»
Նոյն օրը երեկոյեան, Մոնթրէալի մասնաճիւղի անդամներ, նուիրատուներու եւ համակիրներու ընկերակցութեամբ, նշեցին դպրոցին 55-ամեակը, յատկապէս կազմակերպուած ջերմ հիւրասրութեամբ եւ գեղարուեստական յայտագրով, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի շրջանաւարտ Սօփրանօ Սաշա Ճիհանեան:
Անդրադառնալով հանգրուանային այս կարեւոր առիթին, Տնօրէն Շահէ Թանաշեան նշեց. «Մեզի համար պատիւ է մեր հետ ունենալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահը եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, միասնաբար տօնախմբելու այս հպարտառիթ պահը մեր դպրոցի կեանքէն ներս: Ասիկա դրսեւորումն է մեր դպրոցի խորունկ յանձնառութեան՝ բարձրորակ կրթութեան առընթեր հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը ջամբելու մեր աշակերտութեան: Մեր նպատակն է զիրենք պատրաստել որպէս ապագայի մեր համայնքի առաջորդներ եւ հզօր Հայաստանի զօրակիցներ:»
Այց Թորոնթօ
Մայիսի 4-ին, Կիրակի օր, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ժամանեցին Թորոնթօ, ուր կեդրոնի յարկէն ներս հաճելի հանդիպում մը ունեցան տեղական ղեկավարութեան, անդամակցութեան եւ նուիրատուներու հետ: Ներկայ էին համա-ատենապետներ Քնար Պասմաճեան եւ Միհրան Եկաւեան, Թորոնթոյի Երիտասարդ Արհեստավարժներ, Միութեան Թորոնթոյի ներկայացուցչութեան Արմէն Օնթարիոյ-ի Նախագահ Պերճ Փափազեան եւ Գանատայի Հայաստանի Դեսպան Ազնուաշուք Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի Վարիչ-Տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեան ներկայացուց մասնաճիւղի բազմաթիւ ծրագիրները որոնք կը մատուցուէին հանրութեան: Առցաց մշակութային յայտագիրներ՝ Երաժշտական Դէմքեր (Միւզիքըլ Մայնտզ) եւ հայերէնի դասընթացք, երաժշտական համոյթներ, դասախօսական ձեռնարկներ, մարզական մրցաշարքեր եւ շրջայցեր:
Ուշագրաւ ծրագիր մըն է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի կեդրոնէն ներս գործողՆորարարական Աշխատանոցը, որ սկսած է 2023-ին, հետեւողութեամբ Միութեան Քալիֆորնիոյ Փասատինայի կեդրոնէն ներս մեկնարկուած համանուն ծրագրին: Միջնակարգ եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտներու համար նախատեսուած արտադպրոցական շաբաթօրեայ այս ծրագիրը, Գիտութեան, Ճարարագիտութեան, Ճարտարապետութեան, Արուեստի եւ Թուաբանութեան վերաբերեալ (STEAM) հմտութիւններ զարգացնելու նպատակով, ժամանակակից համակարգչային եւ ճարատարագիտական միջոցներու գործածութեամբ, կը քաջալերէ եւ կը զարգացնէ մասնակիցներու քննական վերլուծական կարողութիւնները եւ նորարար նախաձեռնութիւններ կատարելու հակումը, միաժամանակ խորացնելով անոնց ծանօթութիւնները հայկական ժառանգութեան եւ ազգային գիտակցութեան ուղղութեամբ: Այցելուները առիթը ունեցան տեսնելու պատանիներու գործերէն նմոյշներ, բարձր գնահատելով Թորոնթոյի մասնաճիւղին կատարած լայնածաւալ գործունէութիւնը համայնքէն ներս, բոլոր տարիքներու համար: Վերջերս ստեղծուած ծրագիր մը՝ «Հաճելի Կիրակի» (Սանտէյ Ֆանտէյ) 4-10 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար, մշակութային եւ դաստիարակչական գործունէութիւններով, ձեռարուեստի եւ գիտաշխատանոցներու միջոցաւ, հաճելի եւ օգտակար ժամանց կ'ապահովէ:
Բաժնելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի Գանատայի շրջանակին մասին իր տպաւորութիւնները, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան նշեց՝ «Մոնթրէալ մեր այցելութեան ընթացքին, մենք բարձր գնահատեցինք Ալեքս Մանուկեան Վարժարանի որդեգրած կրթական նորարարութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ համայնքէն ներս անոր վայելած համակրանքը: Մենք խորապէս տպաւորուած ենք Միութեան մասնաճիւղերէն ներս մեր անդամակցութեան ցուցաբերած նուիրեալ եւ յանձնառու կեցուածքէն եւ ազգային բարձր գիտակցութենէն:»
Ինչ կը վերաբերի Թորոնթոյի շրջանակին, Սիմոնեան ընդգծեց մասնաճիւղի գործունէութիւններու եւ յայտագիրներու լայն տարողութիւնը: «Հայ արուեստը եւ արուեստագէտները հանրութեան ծանօթացնող որակաւոր համոյթներով եւ նորարար նախաձեռնութիւններով ինչպէս Ստեղծարարական Աշխատանոցը, Թորոնթոյի մասնաճիւղը բոլոր տարիքներու եւ ճաշակներու գոհացում կու տայ իր լայնածաւալ գործունէութեամբ:»
«Գանատայի մեր շրջանակը իր նախաձեռնութեան ոգիով եւ բազնաբնոյթ ծրագիրներով, կը հանդիսանայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի աշխարահատարած ցանցի կենսունակ մէկ օղակը, Միութեան առաքելութեան ծառայելու իր յանձնառւթեամբ:»