January 19, 2026

ՀԲԸՄ-ը եւ «Ստեղծագործ Հայաստան» (Creative Armenia) Հիմնարկութիւնը Կը Յայտարարեն Ստեղծագործ Հայաստանի 2026-ի Կրթաթոշակառուները

  • Image
    Fellows_Announcement_CA

ՀԲԸՄ եւ «Ստեղծագործ Հայաստան» միասնաբար յայտարարած են «Ստեղծագործ Հայաստան» - ՀԲԸՄ-ի 2026-ի կրթաթոշակառուները – միամեայ ծրագիր մը, որ 5000 ամերիկեան տոլար կը յատկացնէ հինգ բացառիկ արուեստագէտներու, ոլորտի առաջատարներու կողմէ խորհդատուական աջակցութեան եւ իրենց աշխատանքները ծանօթացնելու առիթներու ընձեռումին առընթեր:

ՀԲԸՄ-ը, որպէս «Ստեղծագործ Հայաստան»ի գործընկեր, անոր կրթաթոշակներու ծրագրի ստեծումէն ի վեր, իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ 2026-ի մրցանակակիրներուն՝ գեղարուեստագէտ Կարուշ Մելգոնյանին, երաժշտագէտ եւ յօրինող Ժոզէֆ Պողիկեանին, ֆիլմարուեստագէտ Օֆէլիա Յարությունյանին, Երաժշտագէտ եւ ձայնային ձեւաւորող Արմէն Պապայանին եւ գրող Լիկա Զակարյանին: 

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Անի Մանուկեանի խօսքերով՝ «Ինչպէս ամէն տարի, «Ստեղծագործ Հայաստան»ի մրցանակակիրներու այս վերջին խմբակը եւս , կրկին անգամ կը հաստատէ թէ Հայաշխարհի տարածքին բնաւ չեն պակսիր բացառիկ ստեղծագործ տաղանդներ: Մեր մաղթանքն է որ փոխակերպող այս առիթը էական եւ իմաստալից կերպերով խթանէ 2026-ի մրցանակակիրներուն մասնագիտական աճը:»

Հինգ ընտրեալ մրցանակակիրները պիտի միանան «Ստեղծագործ Հայաստան»ի շրջանաւարտներու հոյլին, որուն մաս կը կազմեն երաժիշտներ, գեղարուեստագէտներ, ցուցասրահի վարիչներ, ֆիլմարուեստագէտներ, գրողներ, շարժուն գծանկարներու ստեղծիչներ, որոնք արդէն իսկ «Ստեղծագործ Հայաստան»ի եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ զարգացուցած ըլլալով իրենց մասնագիտական ասպարէզները, այժմ կը ներկայանան որպէս Հայաստանի մշակութային դեսպաններ: 

«Մենք հպարտ ենք, որ գործակցութեան նոր շրջան մը եւս կը սկսինք ՀԲԸՄ-ի հետ» կը հաստատէ «Ստեղծագործ Հայաստան»ի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեան: «Հայ մշակոյթի նոր ալիքը որ մենք կը ստեղծենք այսօր, զգալի պիտի ըլլայ յետագայ սերունդներուն համար:»

2026-ի կրթաթոշակառուներուն եւ «Ստեղծագործ Հայաստան» ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք creativearmenia.org/creative-armenia-agbu-fellowships

«Ստեղծագործ Հայաստան»ը համաշխարհային արուեստի հիմնարկութիւն մըն է նուիրուած հայ նորարար տաղանդներու յայտնաբերումին, մշակումին եւ ծանօթացումին: 

ՀԲԸՄ-ը ծանօթ եւ վստահելի անուն մըն է Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին, որ աւելի քան մէկ դար, տաղանդաւոր հայերու համար դռներ բացած է կատարողական արուեստի կրթաթոշակներու, ամառնային վարժողական եւ արհեստավարժութեան զարգացման առիթներու միջոցաւ, որոնք կազմակերպուած են ՀԲԸՄ-ի Կատարողական Արուեստներու Բաժնին կողմէ, հիմնուած է 2012-ին Միացեալ Նահանգներ, իսկ 2016-ին՝ Եւրոպա:

Տեղեկութիւններու համար դիմել՝

Հաղորդակցութիւններու Վարիչ Նարինէ Յարությունյանին՝ narine@creativearmenia.org 

Creative Armenia
28/3 Saryan Street
Yerevan, Armenia